2009-05-21 13:54:04

 Ծիսական ժամանակացոյց` այսօր հայ եկեղեցին կը յիշատակէ Յիսուսի Համաբարձումը երկինք ։


Ընթերցում Գործ Առաքեալներու Գիրքէն, գլուխ 1, 1-14 համարները։



Առաջին գործը, որ գրի առի, ո՜վ Թէոփիլոս , պատմութիւնն էր այն կատարուածներուն, ինչ որ սկիզբէն ըրաւ Յիսուս եւ ինչ որ սորվեցուց, արդ, այդ պատմութիւնը հասցուցի մինչեւ այն օրը, երբ (Յիսուս) Սուրբ Հոգին տուաւ իր ընտրած Առաքեալներուն եւ ինք համբարձաւ։ Հոն նկարագրուած է, որ Յիսուս, իր չարչարանքներէն ետք, իրենց երեւցաւ քառասուն օր շարունակ՝ իբրեւ ողջ մէկը, զարմանալի շատ գործեր կատարեց եւ Աստուծոյ արքայութեան մասին լուսաբանութիւններ տուաւ առաքեալներուն։ (Նոյնպէս հոն գրուած են), թէ ինչպէս հացով հաղորդուեցաւ անոնց հետ եւ պատուէր տուած էր անոնց, որ չհեռանան Երուսաղէմէն եւ Հօր աւետիքին սպասեն, որուն մասին՝ (ինչպէս ըսած էր), լսեցի՛ք դուք ինծմէ։ (Հոն գրուած էր) թէ ջուրով միայն մկրտած էր Յովհաննէս, բայց ներկայ օրերուս վրայ շատ չանցած՝ Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք դուք։

ՅԻՍՈՒՍԻ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԸ - Անոնք, Յիսուսի քով գալով՝ կ՝ըսէին Տէր, այս ներկա՞յ ժամանակներուն պիտի վերահաստատես Իսրայէլի թաաւորութիւնը։ Ան ըսաւ սակայն ՜՜ Ձեզի տրուած չէ՛ գիտնալ, ո՛չ ժամը եւ ոչ ալ ժամանակը, զոր ինքնիրեն վերապահած է Հայրը։ Եւ դուք ոյժ պիտի ստանաք, երբ ձեր վրայ իջնելու ըլլայ Սուրբ Հոգին եւ իմ վկաներս պիտի ըլլաք՝ Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ, ու աշխարհիս մինչեւ ծայրերը՝՝։ Այս ըսելէ ետք, երբ (իրեն) կը նայէին տակաւին, բարձրացաւ եւ զինք իրենց աչքերէն ծածկեց ամպը։ Մինչ անոնք ապշահար, անոր երկինք երթալը կը դիտէին՝ ահա, սպիտակ հագուստներով երկու հոգի երեւցան իրենց, եւ ըսին ՜՜Ո՜վ Գալիլիացիներ, ինչո՞ւ հոս կեցած դէպի երկինք կը նայիք։ Այս Յիսուսը, որ ձեր քովէն երկինք վերացաւ, ինչպէս անոր երկինք երթալը տեսաք նոյն ձեւով պիտի գ այ դարձեալ՝՝։

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ ԻՐԱՐՈՒ ՔՈՎ ՀԱՒԱՔՈՒԱԾ - Ապա Ձիթենիներու կոչուած լեռնէն Երուսաղէմ վերադարձան։ Եւ (Երուսաղէմ) մտնելով, վերնատունը ելան, ուր իրենց իջեւանն ալ կը գտնուէր։ (Այս եկողներն էին)՝ Պետրոս, Յակոբոս, Յովհաննէս, Անդրէաս, Փիլիպպոս, Թովմաս, Բարթուղիմէոս, Մատթէոս, Ալփէոսի Յակոբոս որդին, Շմաւոն Նախանձայոյզ եւ Յակոբի Յուդա որդին։ Ասոնք էին բոլորը, որոնք կիներուն, Յիսուսի մօր՝ Մարիամի եւ անոր եղբայրներուն հետ միասին՝ հասարակաց աղօթքներուն կը մասնակցէին։



Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի համբարձման տօնին օրը Հայ Եկեղեցին Պատարագի ժամամուտին հետեւաելը կ՝աղօթէ. Դուն` Տէր Յիսուս, որ անպատմելի գահի վրայ կը նստիս եւ հոգեղէն էակներէն օրհնութիւն կը ստանաս, անհասանելի Բանդ Աստուած, երկրի վրայ երեւեցար իբր ճշմարիտ մարդ, կատարելով մարդեղութեան խորհուրդը.

Դուն որ խաչը եւ մահը սիրով յանձն առիր եւ հրաշալի Յարութիւնդ իրագործեցիր հզօր զօրութեամբ. այսօր երկինք համբարձար փառքով եւ հրաշափառ լոյսով զարդարեցիր կուսածին մարմինդ, զոր Եսայի տեսնելով` կը մարգարէանար ըսելով.

Ով է այս որ երկրէն բարձրանալով կու գայ։ Իսկ երկնային պետութիւնները հիազմայլ կը գոչէին իրարու. իշխաններ, բարձրացուցէք ձեր դռները, որպէսզի մտնէ փառքի թագաւորը։ Բայց Դուն, որ ամենակարող ես եւ ամենազօր` մեզի շնորհէ, որ հանդիպինք Քեզի ամպերէն վեր, Քու երկրորդ գալուստիդ օրը, Դուն որ միակ մարդասէրն ես։

Չորեքշաբթի օրը, Մայիս 20-ին , ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ողջունելով ունկնդրութեան մասնակցող երիտասարդները, հիւանդները եւ նորապսակեալները ըսաւ թէ Հինգշաբթի մայիս 21-ին, Վատիկանը ինչպէս այլ բազմաթիւ երկիներ կը յիշատակեն Յիսուսի համբարձումը, մինչ Իտալիան Յիսուսի համաբարձումը կը յիշատակէ անոր յառաջիկայ կիրակին, ՜՜Այս տօնակատարութիւնը ,ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, կը հրաւիրէ մեզ, մեր հայացքը ուղղելու՝ Յիսուսի, որ երկինք համբառնալէ առաջ, յանձնարարեց իր առաքեալները ըսելով ՝ ՜՜գացէք ողջ աշխարհով եւ քարոզեցէք Աւետարանը բոլոր արարածներուն եւ մկրտեցէք զանոնք ՜՜Յանուն Հօր եւ որդւոյ եւ Ս. Հոգւոյ՝՝։ Սորվեցուցէք անոնց պահել ինչ որ ես պատուիրեցի ձեզի՝՝։ Սիրելիներ, աշխատեցէք յանձնառումով գործել ի սպաս Աւետարանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.